ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐ
Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ դամբանական մը: Համայնքային շրջանակները խորապէս վշտակցեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ ընտանիքին: