ՆՈՒԻՐԱԲԱՇԽՈՒՄՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՆ
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման արշաւը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Մխիթարեանցիները երէկ այցելեցին այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած վերջին երեք վարժարանները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքի Ամանորի խրախճանքը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Ժիրայր Տաղտեւիրէնէլ եւ Կարպիս Փոլատ, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման ծրագիրը այս տարի եւս կեանքի կը կոչուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ այս շարժման կամաւորները երէկ այցելեցին՝ սոյն ծրագրին մէջ ներառնուած վեց վարժարաններէն երեքը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։
Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ։ Պէյօղլուի շրջանի վարժարաններուն միջեւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը շրջագծով անոնք ապահովեցին դափնիներ, ինչ որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ արարողութիւններուն: