ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔՈՎ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Զանազան խրախճանքներով տղաքը ապրեցան տօնական շրջանի երջանկութիւնը։
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Զանազան խրախճանքներով տղաքը ապրեցան տօնական շրջանի երջանկութիւնը։
Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ երախտագիտական զգացումներով։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով մը կ՚ոգեկոչուի՝ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ։
Այս Կիրակի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Երէկ, տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն՝ Մինաս Գաբըսըզը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի պիւտճէի ներկայ բարդ հաւասարակշռութիւններուն շուրջ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարներ Ֆէսճեան, Սէրթշիմշէք, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու անդամները։ Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, ներկայ եղան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան այցելեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը։ Արէտ Երկանեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ ներկայացուցիչի գրասենեակի բացման հաւաքոյթին։
Պոլսահայութիւնը Սուրբ Ծննդեան աւետիսով գիրկընդխառնուեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի ընդունելութեան ընթացքին ընթերցեց Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի շնորհաւորականը:
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Տարիներու տխուր տողանցքին առջեւ մենք ջերմօրէն մխիթարութիւն կը զգանք երկու հազար տարուայ աւետիսը վերստին հնչեցնելով.
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։
Իսթանպուլահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն նոր տարուայ աւանդական հաւաքը՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկան շնորհաւորական խօսքերով ու մաղթեցին, որ 2017-ին ամէնուրեք տիրէ խաղաղութիւնը: