ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը՝ Բարեկենդանի եւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Տղաքը այս երկու տօներուն շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, դպրոցի ծնողաց միութենէն եւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։
Գումգաբուի մէջ երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ աւանդական տօնակատարութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Երէկ, Էսաեան վարժարանի մէջ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենիի օրուան առթիւ։ Սովորական ձեւաչափէ դուրս կազմակերպուած էր մայրենիին ձօնուած օրուան յայտագիրը։
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերը։ Այս առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պիւտճէի ու տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մինասեան։
Patrik Genel Vekili Sayın Başepiskopos Aram Ateşyan’ın riyasetlerinde, Türkiye Ermenileri Patrikliği Ruhani Meclisi’nin 13 Şubat 2017 Pazartesi günü yapılan toplantısı sonrasında, cemaatimiz yaşamında olağanüstü koşullar hasıl olmuş; üzücü gelişmeler yaşanmıştır. Aceleci davranmaktan kaçınmış olmakla birlikte, bugün vardığımız noktada, Patrikhanemiz aşağıdaki hususları cemaatimizin tüm değerli üyelerinin ve kamuoyunun dikkatine sunmayı uygun görmüştür:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս շաբթուան սկիզբին համայնքային կեանքէն ներս ծագած տագնապէն վերջ, նախընթաց օր համերաշխութիւն վերահաստատուած էր իր եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Մեր երկու սրբազանները ներկայիս կը պատրաստուին ուղեւորուիլ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի գործիչներէն Մուրատ Պեպիրօղլու։ Դժբախտաբար ան վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ երէկ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ աւանդած է իր հոգին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակները։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ ծագած տագնապը կարգաւորուեցաւ համայնքին տեսակէտէ իսկական յաղթանակով. անոնք յառաջիկայ Երեքշաբթի միասնաբար պիտի ուղեւորուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ տեսակցելու համար Վեհափառ Հայրապետին հետ։
VADİP-ի ձեւաչափին մէջ լայնախարիսխ քննարկում մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահի երդիքին տակ՝ համայնքի զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն եւ հաստատութիւններու վարիչներուն մասնակցութեամբ: