ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄ
Թաքսիմ մարզակումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Նախարարին այցը կրնայ նոր հորիզոն մը բանալ մարզադաշտի կարգավիճակի հարցի լուծման առջեւ:
Թաքսիմ մարզակումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Նախարարին այցը կրնայ նոր հորիզոն մը բանալ մարզադաշտի կարգավիճակի հարցի լուծման առջեւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սարին Թաշհան իրաւունք շահած է յաճախելու Հայաստանի յառաջատար կրթական հաստատութիւններէն մէկը՝ UWC-ի Դիլիջանի գոլէճը։ Ան ներկայիս կ՚աշակերտի Կեդրոնական վարժարան, որմէ առաջ աւարտած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Իսթանպուլ։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը քաղաքս պիտի ժամանէ վաղը կէս գիշերին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ՀԱՅՃԱՐ կը պատրաստուի մեծարել մեր համայնքի երէց սերունդի երախտաշատ անուններէն մին՝ Նշան Եաղուպեանը։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլօֆը, որ մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց այս ծրագրին շուրջ։
Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ սկսաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի տասն միութիւններու մասնակցութեամբ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ ու տանտիրութեամբ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, որ պիտի շարունակուի երեք շաբաթ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին խնամքի առարկայ դարձնել նոյն թաղի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը։ Թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին շաբաթը օր մը ապահովել դպրոցին պահքի ճաշը։
Երէկ, «Թաքսիմ Հիլլ» պանդոկին մէջ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ 8 Մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան ընդառաջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու նպատակն էր Շիշլի մարզակումբի նոր տիկնանց կազմին ծանօթացումը։
«Փոքրիկ» մանկական կայքէջի պատասխանատուներէն Գարօլին Մամիկոնեան, Գարօլին Սարը եւ Սելմա Մելեքեան վերջերս այցելեցին Գալֆաեան Տուն։ Անոնք պաստառի վրայ աշակերտներուն ներկայացուցին կայքէջը, ուր տղոց տրամադրութեան տակ դրուած են դասական առասպելներ, արդի պատմուածքներ եւ այլն։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս, թաղային խորհուրդին ջանքերով այս տարի եւս կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի սիրոյ սեղաններու աւանդութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Մեծ պահոց շրջանին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս մայրամուտին կը սարքուի պահքի սիրոյ սեղան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի մականին ներքեւ։