ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, հաստատութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը եւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասուն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս եւ մանրամասնութիւններ փոխանցել հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ։