ՄԷԿ-ԵՐԿՈՒ ՕՐ ԵՒՍ…
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ: Շուրջ երեք ժամ տեւեցին զանազան ձեւաչափերով քննարկումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Թորոս Ալճան եւ Սեպուհ Ասլանկիլ:
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ երեկոյեան Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ զրուցեց մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ իր խումբ մը համախոհներուն հետ
Շիշլիի նախկին քաղաքապետը կը տեւականացնէ իր անմիջական շփումը համայնքային շրջանակներուն հետ:
Պետրոս Շիրինօղլու հրապարակաւ հրաժարելու կը հրաւիրէ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեան երէկ այցելեց Իսթանպուլի Կուսակալութիւն, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի եւ Ատենադպիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ Փոխ-կուսակալ Տիար Ազիզ Մերճանի կողմէ։
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ Քէօլնէն հրապարակեց ուշագրաւ ու ծաւալուն զեկոյց մը:
ԱՔ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղը նախընթաց օր պահքի սեղան մը սարքեց փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն համար։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան Ֆլորիայի ընկերային հաւաքատեղիին մէջ սարքուեցաւ ընթրիքը, որու պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան աշակերտներու ուղղեալ յաջորդական շահեկան բանախօսութիւններ: Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուղեցոյց կեդրոնի կարգադրութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցէն երկու մասնագէտներ տղոց հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեցին արբունքի շրջանի մասին: