ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»
Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք-100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Աւագ Շաբաթ»։
Համայնքային նախակրթարաններուն մասնակցութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք կազմակերպուեցան առաջին անգամ։ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցեցան Թուրք ուղեղի խումբը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խումբերը։
Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Վերջին օրերուն հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն Ալեքս Գալայճեան-Լիանա Գրիգորեան երիտասարդ ամոլը։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք մեր հիւրերուն հետ, որոնք մեզի յայտնեցին, թէ համացանցի միջոցաւ անմիջականօրէն կը հետեւին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Ալեքս Գալայճեան ծնած է Հալէպի մէջ ապա անցած է Պէյրութ՝ ուսում ստանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճեմարանէն ներս։
Ընտրեալ-տեղապահն ու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այս առաւօտ կանուխ շատ կարեւոր հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Մեր հիւրերը եղան այս տարուան աւարտական դասարանէն Ճուլիա Բերգամալեան, Արթուր Նորիկեան, Անահիտ Ադամեան, Ճուլիեթթա Պօղոսեան, Ժաննա Միքայէլեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ բանաստեղծական հանդէս մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Անցեալ տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին վրայ դպրոցէն ներս այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ բանաստեղծութեան օր մը։
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը միշտ առաջնահերթ օրակարգի վրայ: