ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբու փութացած էր՝ Հոգեգալստեան տօնին ընդառաջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածի բնակավայրեր։ Արհեստավարժ յատուկ ուղեցոյցի մը ներկայութեամբ կազմակերպուած այս շրջագայութեան ծրագիրը ընդգրկեց՝ Սաֆրանպոլուն, Ամասրան, Զոնկուլտաքը եւ մերձակայ տարածքները։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբին ներկայացումը։
Գարակէօզեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Բեմը քեզի կը սպասէ… դուն ալ մասնակցէ» կարգախօսով կազմակերպուած երաժշտական մարաթոնը, որ չորրորդն էր իր տեսակին մէջ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ Գումգաբուի մէջ կազմակերպեց կանանց հաւաքոյթ մը։ Համանուն սրահին մէջ ամառնամուտի այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր ի նպաստ դպրոցին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահին:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսսը։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանար նաեւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ Երեքշաբթի յետմիջօրէին մեկնած է Քէօլն։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմէն Լիզի Չերմէ Ճիվանեանն ու Նազենի Թըրթըրը։ Հարկ է նշել, որ ատենապետուհի Մաթիլտա Ֆրատօղլուի մականին ներքեւ գործող այս յանձնախումբը կազմակերպած է կանանց հաւաքոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։