Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐ ՆՇՈՒՄՆԵՐ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց յայտարարութիւն մը, որով կ՚անդրադառնայ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի պարգեւատրման։ Մաէսթրոյի 90-ամեակին առթիւ կատարուած այս պարգեւատրման կապակցութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը հարկ նկատած է լուսաբանել կարգ մը պղտոր կէտեր։

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին խմբավարը մեծարուեցաւ իր ծննդավայրէն ներս:
«Հայ դպրոցը. անցեալէն դէպի այսօր» խորագրեալ յոբելենական հանդիսութիւնը ցոլացուց մեր կրթական հաստատութիւններու բախտորոշ առաքելութիւնն ու դաստիարակչական կեանքի հարուստ աւանդութիւնները՝ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ շեշտելով տուեալներ, նաեւ խորհրդանշական զուգահեռներով խոշորացոյցի տակ բերելով առկայ կացութիւնը, ընդգծելով մերօրեայ եւ ապագայ սերունդներուն ինքնութեան գոյատեւման մարտահրաւէրները:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան ողջունեց՝ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ այս եղանակին կազմակերպուած պալէի դասընթացքին մասնակիցները, որոնք ելոյթով մը հանդէս եկան համանուն վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը արտասովոր օրեր կ՚ապրի՝ թաղի Վարդանանց երգչախումբի հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելենական ներկայ շրջանին։ Զուգահեռաբար համայնքի արուեստասէրներն ալ կը վայելեն այս յոբելեանը թէ՛ կազմակերպուած ձեռնարկներով եւ թէ մանաւանդ անոնց միջոցաւ այս յոբելեանի իմաստին հաղորդ դառնալով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը երէկուան աւարտականներով հասաւ իր աւարտին։ Միջվարժարանային եռօրեայ այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի ունեցաւ՝ արժանանալով մեր համայնքի ուշադրութեան։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հիւրընկալ դպրոցի սրահին մէջ։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Երեւանէն՝ երգիչ Գուրգէն Տապաղեանը։ Վարդանանց երգչախումբի 85-ամեակին առթիւ, Տապաղեան այսօր երեկոյեան հանդէս կու գայ համերգով մը։