Թրքահայ կեանք

ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐԸ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ՝ ՇՓՈՒԵԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ քա­ղաքս հրա­ւի­րուած է Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)» գրքի շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ, այս շա­բա­թա­վեր­ջը կ՚ան­ցը­նէ Իս­թան­պու­լի մէջ, իր կո­ղակ­ցին՝ Լու­սի­նէ Մել­քո­նեա­նի հետ, որ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան թան­գա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան մաս կը կազ­մէ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԹԻՒՐԱՊԻՔ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Տքթ. Պետ­րոս Թիւ­րա­պիք։ Մեր բժշկա­կան դա­սու յայտ­նի դէմ­քե­րէն մին ե­ղած է ան՝ որ­պէս ջղա­յին հի­ւան­դու­թեանց մաս­նա­գէտ։ Եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ, ստանձ­նե­լով նաեւ վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ ՆՇԵՑԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր հան­դէ­սով մը նշե­ցին Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէ­սը, ո­րու յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լուի եւ իր խումբ մը գոր­ծա­կից­նե­րուն։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին խմբերգ­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Գա­րին Սուս­մա­քի կող­մէ։

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ, ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016, Չո­րեք­շաբ­թի օր կա­յա­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար Ժո­ղո­վի ո­րոշ­ման մա­սին, նոյն օ­րը զե­կոյց մը հրա­պա­րա­կուած էր Հա­մա­գու­մա­ր Ժո­ղո­վի դի­ւա­նի կող­մէ։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ «Նա­րե­կա­ցի» սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ իս­թան­պու­լա­հայ հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու եւ դպրոց­նե­րու ծնո­ղաց միու­թեանց ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­ւա­քը։ Սա 2016-2017 շրջա­նի ա­ռա­ջին հան­դի­պումն էր նման ձե­ւա­չա­փով։

«Պիտի թարմացնենք նախապէս եղած դիմումները»

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ Տ. Ա­ՐԱՄ ԱՐՔ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ. «Յա­տուկ թեքստ մը պի­տի պատ­րաս­տենք յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի զե­կոյցն ալ պի­տի կցենք այդ մէ­կուն եւ պե­տու­թեան մօտ դի­մում պի­տի կա­տա­րենք։

Էջեր