ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ԵՓԵՍՈՍԻ ՇՐՋԱՆԸ
Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին իրականացուցին անմոռանալի պտոյտ մը։ Այսպէս, տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի եւ ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ խումբը օդանաւով մեկնեցաւ Իզմիր, ուրկէ ալ անցաւ Եփեսոս։ Թէ՛ բնութեան գեղեցկութիւնները վայելեցին տղաքը եւ թէ հաղորդ դարձան Եփեսոսի եւ շրջակայքի պատմամշակութային ժառանգութեան։
2016-2017 կրթական շրջանի աւարտին առթիւ Էսաեան վարժարանէն ներս նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններու տարեվերջի հանդէսը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Դպրոցի առաջին ութ դասարաններու բոլոր աշակերտները մասնակցութիւն բերին այս յաջող հանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան Էսաեան վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց կազմը փայլուն արդիւնքով մը եզրափակեց 2016-2017 եղանակը։ Այսպէս, շիշլիցիները Իսթանպուլի լիկը աւարտեցին 4-րդ կարգի վրայ։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 185-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները արժանացան համայնքային շրջանականերու անմիջական ուշադրութեան։
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Աննպաստ եղանակին հետեւանքով Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, այլապէս այդ մէկը նախատեսուած էր Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ բացօթեայ ձեւաչափով։
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Այսպէս, վարժարանի լիսէի բաժնի թատրոնի խմբակը ներկայացուց «Ահ շու կենչլէր» զաւեշտը, որու հեղինակն է Թուրկուտ Էօզաքման։
2016-2017 կրթական շրջանի վերջին շաբաթը Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կազմակերպուած երգի եւ պարի երեկոյթը առանձնացաւ՝ թէ՛ իր ճոխ յայտագրով եւ թէ աշակերտներու կողմէ տարուած ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արդիւնքով։
Երէկ Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Էսֆեսթ» փառատօնը, որ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային միւս լիսէներու աշակերտութիւններէն ներկայացուցիչներ։