ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ԾՐԱԳԻՐ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ.-
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գոյութիւն ունի պարտէզ մը, որուն յիշատակը աւանդուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն։
Պատրիարքական Աթոռը զեկոյց մը հրապարակեց Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ձեւաւորման մասին:
Շաբաթավերջի արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովին, որ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շարականներու երգեցիկ խումբը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքին համաձայն, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին, 6 Յուլիս, Հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան անցեալ շաբաթավերջին նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ Զէքիեան Գերապայծառ մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագը։
Գնալը կղզիի մէջ սկսան Թաքսիմ մարզակումբի 2017 թուականի ամրան դասընթացքները։ Կղզիի մարզադաշտին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան դասընթացքի շուրջ քառասուն սաները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 241-րդ տարեդարձը Իսթանպուլի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով։ 4 Յուլիսի Անկախութեան տօնին առթիւ այս տարուան պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Մեճիտիէգիւղի «Fairmont» պանդոկին մէջ։