ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ՆԵՐՍ ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի արդիւնաբերական արտադրանքի ընկերութիւնները միշտ պատնէշի վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս։ Այսպէս, վերջերս հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն հինգ հարիւր ճարտարարուեստի ընկերութիւններու ցուցակը, որու վրայ կը գտնուին Երկանեանի երկու ընկերութիւնները։

Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ երեկոյեան խանդավառ ձեռնարկով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ներկայ գտնուեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ծնողաց միութեան, տիկնանց կազմի, սանուց միութեան եւ Կազդուրման կայանի ներկայացուցիչները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը աւարտին հասաւ բոլորի բարձր տրամադրութեամբ։ Շրջանաւարտից փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր ծանօթ ազգայիններէն՝
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս տարի եւս կրթական շրջանի վերջին շաբաթը բնորոշուեցաւ փառատօնով մը, որ իր տեսակին մէջ երրորդն էր։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կրթական յանձնախումբին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին իրականացուցին անմոռանալի պտոյտ մը։ Այսպէս, տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի եւ ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ խումբը օդանաւով մեկնեցաւ Իզմիր, ուրկէ ալ անցաւ Եփեսոս։ Թէ՛ բնութեան գեղեցկութիւնները վայելեցին տղաքը եւ թէ հաղորդ դարձան Եփեսոսի եւ շրջակայքի պատմամշակութային ժառանգութեան։
2016-2017 կրթական շրջանի աւարտին առթիւ Էսաեան վարժարանէն ներս նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններու տարեվերջի հանդէսը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Դպրոցի առաջին ութ դասարաններու բոլոր աշակերտները մասնակցութիւն բերին այս յաջող հանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան Էսաեան վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց կազմը փայլուն արդիւնքով մը եզրափակեց 2016-2017 եղանակը։ Այսպէս, շիշլիցիները Իսթանպուլի լիկը աւարտեցին 4-րդ կարգի վրայ։