Թրքահայ կեանք

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շած է Մեծ պա­հոց շրջա­նին խնամ­քի ա­ռար­կայ դարձ­նել նոյն թա­ղի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շած է Մեծ պա­հոց շրջա­նին շա­բա­թը օր մը ա­պա­հո­վել դպրո­ցին պահ­քի ճա­շը։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄԸ

Ե­րէկ, «Թաք­սիմ Հիլլ» պան­դո­կին մէջ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը։ 8 Մար­տի Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան ըն­դա­ռաջ նա­խա­տե­սուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու նպա­տակն էր Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նոր տիկ­նանց կազ­մին ծա­նօ­թա­ցու­մը։

«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ

​«Փոք­րիկ» ման­կա­կան կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Գա­րօ­լին Մա­մի­կո­նեան, Գա­րօ­լին Սա­րը եւ Սել­մա Մե­լե­քեան վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Գալ­ֆաեան Տուն։ Ա­նոնք պաս­տա­ռի վրայ ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին կայ­քէ­ջը, ուր տղոց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած են դա­սա­կան ա­ռաս­պել­ներ, ար­դի պատ­մուածք­ներ ե­ւ այլն։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆՆԵՐԸ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցիէն ներս, թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ջան­քե­րով այս տա­րի եւս կը շա­րու­նա­կուի Մեծ պա­հոց շրջա­նի սի­րոյ սե­ղան­նե­րու ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Մեծ պա­հոց շրջա­նին Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցիէն ներս մայ­րա­մու­տին կը սար­քուի պահ­քի սի­րոյ սե­ղան։

Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր Մեծ պա­հոց շրջա­նի ա­ռա­ջին Ա­րե­ւա­գա­լին հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Յա­րու­թիւն Սրկ. Սար­գի­սեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔՈՒԱԶ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Պէ­յօղ­լուի «Թուր­քուազ» գրա­տու­նը։ Ծա­նօթ է, որ Բիւ­զանդ Աք­պա­շի մա­կա­նին ներ­քեւ կը գոր­ծէ «Թուր­քուազ»ը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հրա­տա­րակ­չու­թեան մար­զէն ներս գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը։ Դպրո­ցէն ներս մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծուե­ցաւ այս առ­թիւ։

ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած նոր փուլը եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուած ենթադրութիւնները՝ հրատապ օրակարգ:
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս-խորհրդակցութիւն մը՝ հաստատութեան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ:

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն ներս ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը։ Դպրո­ցի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ ու­սուց­չաց կազմն ալ բաժ­նե­ցին ծրագ­րի մաս­նա­կից՝ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի սա­նե­րուն ու­րա­խու­թիւ­նը։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Գալ­ֆաեան Տան մէջ ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­րուած էին հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Սի­րա­նոյշ Էօզ­նի­կո­լեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Այս առ­թիւ ա­շա­կերտ­նե­րը ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ հա­ղորդ դար­ձան այս ա­ւան­դու­թեան։

Էջեր