Թրքահայ կեանք

MUHTEREM DİN GÖREVLİSİ KARDEŞLERİME VE DEĞERLİ HALKIMIZA DUYURU

Tanrı’nın izniyle ilk görev olarak, 15 Mart 2017 tarihinde İstanbul’da ya­pılan Değabah seçiminde lehime oy veren ve vermeyen tüm din görevlisi kar­deşlerime şükranlarımı sunmak isterim. Uzun zamandır beklenen Patrik seçiminin ilk adımı olan ve bir hazırlık mahiyetini taşıyan Değabah seçi­min­de onurla ve makamlarına yaraşır bir sorumlulukla davranmışlardır.

ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՀՔԻ ՄՏԵՐՄԻԿ ՍԵՂԱՆ

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղը նա­խըն­թաց օր պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Ֆլո­րիա­յի ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ սար­քուե­ցաւ ընթ­րի­քը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան ա­շա­կերտ­նե­րու ուղ­ղեալ յա­ջոր­դական շա­հե­կան բա­նա­խօ­սու­թիւն­ներ: Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­ղե­ցոյց կեդ­րո­նի կար­գադ­րու­թեամբ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցէն եր­կու մաս­նա­գէտ­ներ տղոց հիմ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ար­բուն­քի շրջա­նի մա­սին:

ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի ցե­րե­կոյ­թը։ Այս տա­րի հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը սո­վո­րա­կա­նէն ա­ւե­լի վաղ տե­ղի ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան՝ պատ­րաս­տուե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ա­ւար­տա­կան քննու­թիւն­նե­րուն։

ՔԷՐՄԷՍԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն (ա­տե­նա­պե­տու­հի) ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ նա­խա­տե­սուած է քէր­մէս մը։

ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Ձեռ­նար­կը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով եւ այլ ե­լոյթ­նե­րով։

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րը նա­խըն­թաց օր մաս­նա­ւոր ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ։ 6-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ «Կեան­քի մէ­ջէն դրուագ­ներ» խո­րագ­րեալ ծրա­գիր մը։

ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք պատուոյ հիւրն էր «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին մեր համայնքէն բազմաթիւ դէմքեր:

Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԶԵԿՈՅՑԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ար­ձա­գան­գեց օր մը ա­ռաջ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ստո­րագ­րու­թեամբ Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը «Պար­տադիր լու­սա­բա­նու­թիւն մը» խո­րագրեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է վեր­ջին հինգ-վեց ա­միս­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԺԱՄԱՆՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ Կի­րա­կի պի­տի ժա­մա­նէ Իս­թան­պուլ։ 
Ինչ­պէս ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, նա­խըն­թաց օր ա­ռա­ւօ­տեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին յայ­տա­րա­րած էր, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հաս­նի Իս­թան­պուլ եւ իր ժա­ման­ման հա­ւա­նա­կան օրն է՝ Ուր­բաթ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ըն­թաց­քին ե­ղած են կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­ներ, ո­րոնց լոյ­սին տակ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի ժա­ման­ման օ­րը ճշդո­ւած է՝ որ­պէս Կի­րա­կի։ 

Էջեր