ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտները գարնանային գունագեղ խանդավառութեամբ տօնեցին Սուրբ Զատիկը։ Դպրոցէն ներս այս առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը հանդիսականներուն ներկայացուցին նաեւ տօնին խորհուրդը։
Երէկ, Ապրիլի 24-ի առթիւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հայոց սրբադասեալ նահատակները յիշատակուեցան այս արարողութեան ընթացքին ու միեւնոյն ժամանակ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ 1915-ի շրջանի բոլոր զոհերուն համար։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն գրելու խրախճանք մը։ Համայնքային միջնակարգներու աշակերտական խումբերէ կազմակերպուեցաւ այս ծրագիրը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ Ապրիլի 24-ի առթիւ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ տեղի ունեցան փայլուն արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Աւանդական շուքով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուան տօնը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին մէջ յայտարարութիւնները իրերու կը յաջորդեն:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Իսկական սիրոյ սեղանի մը մթնոլորտին մէջ անցաւ հաւաքոյթը։
ՀԱՅՃԱՐ վերջերս իրականացուց իր ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը։ Սա ՀԱՅՃԱՐ-ի վեցերորդ շրջանի վարչութիւնն է, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.