ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ԷՄԻՐԿԵԱՆ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Էմիրկեան։ Միջնակարգի աշակերտներէն բաղկացեալ այս խումբը Էմիրկեանի ընդարձակ պարտէզին մէջ ունեցաւ հաճելի ժամանց։
Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներէն Նարեկ Պալ վերջերս Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի համահայկական խաղերուն, որոնք կազմակերպուեցան 12-րդ անգամ։ Ճատրակի մրցաշարքի ծիրէն ներս, մինչեւ 15 տարեկաններու դասաւորման մէջ ան հանդիսացաւ երկրորդ։
Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աղքատախնամ տիկնանց կազմը հաւաքոյթ մը կազմակերպեց Աթագիւղի մէջ։ «Նոսսա-Քոսթա» ճաշարանին մէջ համախմբուեցան թէ՛ թաղեցի եւ թէ այլ զանազան թաղերէ փութացած համակիր տիկիններ։
VADİP-ի համակարգման խորհուրդը երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երկար քննարկում մը ծաւալեց՝ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած առկայ փակուղիի յաղթահարման հեռանկարները սեղանի վրայ դնելով - Խորհրդակցութեան աւարտին որոշուեցաւ աշխատանք տանիլ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններով ու պետական պաշտօնական ընթացակարգերով նախատեսուած քայլերը ներդաշնակեցնելու ուղղութեամբ
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ Ս. Զատկի տօնին առթիւ այց մը տուաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, ուր ներկայ էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողկիէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Քաղաքապետն ու իր ընկերակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Զէքիեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ։
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ջերմ հանդիպումներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Տիանա Գամբարոսեանն ու Քէյ Քէսթէկը։ Գալֆաեանը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 150-ամեակը եւ այս յոբելեանը նշելու համար կազմուած է կարգադիր յանձնախումբ մը։
«Չարութեան հին խմորը
Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս երկօրեայ միջազգային շահեկան գիտաժողով մը: