ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան աշակերտներու ուղղեալ յաջորդական շահեկան բանախօսութիւններ: Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուղեցոյց կեդրոնի կարգադրութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցէն երկու մասնագէտներ տղոց հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեցին արբունքի շրջանի մասին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտի ցերեկոյթը։ Այս տարի հրաժեշտի արարողութիւնը սովորականէն աւելի վաղ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ ընթացաւարտները պիտի վերադառնան Հայաստան՝ պատրաստուելու եւ մասնակցելու համար աւարտական քննութիւններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն (ատենապետուհի) ու Թանիա Պալճըն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած է քէրմէս մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով եւ այլ ելոյթներով։
Համաշխարհային թատրոնի օրը նախընթաց օր մասնաւոր ձեռնարկով մը նշուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ։ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ «Կեանքի մէջէն դրուագներ» խորագրեալ ծրագիր մը։
ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ երէկ սարքուեցաւ պահքի սեղան մը՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ արձագանգեց օր մը առաջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութեամբ Պատրիարքարանէն հրապարակուած զեկոյցին։ Նորին Սրբազնութիւնը «Պարտադիր լուսաբանութիւն մը» խորագրեալ յայտարարութեան մէջ ներկայացուցած է վերջին հինգ-վեց ամիսներու իրադարձութիւնները։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ յառաջիկայ Կիրակի պիտի ժամանէ Իսթանպուլ։
Երէկ երեկոյեան գումարուեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն։ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի «Չոպանօղլու» փողոցի համալիրէն ներս։
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ շաբաթավերջին ունեցանք հեռախօսազրոյց մը։ Երէկ առաւօտ ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ կը պատրաստուի դարձեալ գալ Իսթանպուլ։