ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ
Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը Գումգաբուի մէջ այսօր նախատեսուած նիստով պաշտօնի կը կոչէ տեղապահ մը, որ պիտի կրէ ծանր բեռ մը:
Մեր դարաւոր Աթոռի երեք սրբազաննարը կ՚ակնկալեն եկեղեցականաց դասուն հաւանութիւնը՝ համայնքը առաջնորդելու համար պատրիարքական ընտրութեան, ամրապնդելով ժողովուրդին վստահութիւնը:
Գերմանահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այց մը տուաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանին։ Այս վերջինը իր գրասենեակին մէջ ջերմօրէն հիւրընկալեց Նորին Սրբազնութիւնը։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն:
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի բազմամեայ անդամներէն, թերթիս սիւնակագիր Վարուժան Սայաճեանի։ Իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է թերթիս ընտանիքին՝ քանի որ ան երկար տասնամեակներ անսակարկ նուիրումով ծառայած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ հայ մամուլին համար։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային ութերորդ մտախաղերը՝ միջնակարգերու մակարդակով:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին նախատեսուած ժողովներուն վրայ, որոնք պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին պիտի ունենան անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Երկուշաբթի նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստը, իսկ Չորեքշաբթի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցականաց համագումար, որ պիտի ընտրէ պատրիարքական տեղապահը։
Երէկ երեկոյեան «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի Հարպիյէի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։
Երէկ կէս գիշերին Իսթանպուլ ժամանեց Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Շիշլիի գերեզմանտունը, ուր իր հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի եւ Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի շիրիմներուն մօտ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ էին ընդհանրապէս Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն համայնքային դէմքեր։
Իսթանպուլահայ զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ կանայք երէկ Մարտի 8-ի առթիւ համախմբուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Կիւլպէնկեան» սրահի մէջ սարքուած սիրոյ սեղանով անոնք նշեցին Համաշխարհային կանանց օրը։