Թրքահայ կեանք

ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏԸ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց մեր հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած տա­րե­կան պտոյտ ճաշ­կե­րոյ­թը։ Այս հա­ւա­քը մեր ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս ստեղ­ծուած լաւ ա­ւան­դու­թիւն մըն է թէ՛ կրթա­կան մշակ­նե­րը մե­ծա­րե­լու եւ թէ ա­նոնց փոր­ձա­ռու­թե­նէն միշտ օգ­տուե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի ալ ա­ւան­դա­կան պտոյտ-ճաշ­կե­րոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կին կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

ՇՈՒՐՋ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԱԽԱՂԵՐ՝ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղեր։ Թուրք ու­ղե­ղի խում­բի խմբա­պետ եւ Մտա­խա­ղե­րու ամ­սա­թեր­թի ղե­կա­վար Ֆեր­հաթ Չա­լափ­քու­լու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այս ձեռ­նար­կին։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆՑԱԾ Է «500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը այս տա­րի եւս նա­խա­ձեռ­նած է «500 ծիծ­ղուն աչք» ծրագրին՝ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ։ Թէ՛ վար­չու­թիւ­նը եւ թէ այս ծրագ­րին կա­մա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը այս տա­րի եւս բուռն նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են՝ Նոր տա­րուոյ տօ­նա­կան շրջա­նին ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւե­լու հա­մար մեր հա­մայն­քի փոք­րիկ­նե­րուն։

ՍԻԼՎԱ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին ձօ­նուած շա­բա­թա­վեր­ջի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան սա­նե­րէն երէց­կին Սիլ­վա Տա­մա­տեան։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր խօս­քը։

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԻՍԽ

«Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցը օժտուած է ֆիզիքական բոլոր հնարաւորութիւններով եւ արդի սարքաւորումներով:
Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ վիթխարի ձեռքբերումի մը առթած խանդավառութեամբ ու նոր հեռանկարներու ակնկալութեամբ:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակները:

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցան շարք մը ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու։ Այս­պէս, դպրո­ցէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Իս­թան­պու­լի գիր­քի տօ­նա­վա­ճա­ռը։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր ե­ղա­նա­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թը։ Միու­թե­նէն ներս նոր ե­ղա­նա­կի բա­ցու­մը բնո­րո­շեց հան­գու­ցեալ ա­րուես­տա­գէտ Տի­րան Ին­ճի­ճիի գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Միու­թեան 71-րդ շր­ջա­նի բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Մխի­թա­րեա­նի սա­նե­րէն Տի­րան Ին­ճի­ճիի նշա­նա­ւոր՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ման­րա­կեր­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը, որ ան­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նաք­քաշ­թե­փէի «Պրիճ» ճա­շա­րա­նին մէջ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն վե­րա­դար­ձաւ՝ Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։

Էջեր