ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄ
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը՝ երէկուան խորհուրդի հերթական նիստի արդիւնքին հաւանութիւն տուաւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիմումին, ինչ որ նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ առկայ կարիքներու դիմագրաւման համար:
Տատեան վարժարանին հին շէնքին ու տարածքին համար սահմանուեցաւ հասութաբեր կարգավիճակ, ինչ որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ վարձակալութեան պայմանագիր մը կնքելու
Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը այս տարի եւս կը կազմակերպէ նարտի մրցաշարք մը, որ 23-րդն է իր տեսակին մէջ։ Երէկ երեկոյեան միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքին բացումը։
Յայտնի շարականագէտը ծննդեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանին թուղթին յանձնեց իր վկայութիւնները:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապի յիշատակին տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց հանդիսապեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի աԱտենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմը այս եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները իրերայաջորդ երեք յաղթանակ ապահոված են եւ առանց պարտութեան կը շարունակեն իրենց ճանապարհը։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի 51-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին պատշաճ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ համայնքային կեանքէն ներս։ Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցութիւն բերելու ՆԱՍԱ-ի ծրագրերէն մէկուն։ Իր այս գերազանց յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պարգեւած է Ֆէրիգիւղի ընտանիքին։
Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը ներկայիս կը շարունակուի թափով։ Ակումբի կազմակերպած ձմրան դասընթացքներուն կը մասնակցի 450 հոգի։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ Շիշլիի թիւով 130 զանազան ճիւղերու մարզիկները, որոնք մաս կը կազմեն վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի խումբերուն։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս հերթի փոփոխութիւն եւ հոգաբարձութեան կողմէ մեծարանք: