ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԶՈՒԱՐԹ ԱՄԱՆՈՐԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Միութեան երդիքին տակ զանազան դասընթացքներու մասնակից փոքրիկներուն համար նախատեսուած խրախճանք մըն էր այս մէկը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Ամանորի շրջանին կը տեւականացնէ աւանդութիւնները։ Տօնական օրերու ուրախութենէն առաւելագոյն բաժինը կը վիճակի մանկապատանեկան կազմի անդամներուն։
Մեր գեղարուեստական աշխարհի համակրելի ու արժէքաւոր անուններէն Միհրան Թովմասեան եւ Սարօ Ուսթա երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ հանդէս եկան «Սար» անուն ներկայացումով։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարներէն Հայկ Ասլանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ ամիս իրեն պիտի շնորհիւ «Կոլոտ» շքանշանը։ Ծանօթ է, որ երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ կեանքէ հեռացած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած անդամներէն Հայկ Ադամեան։ Ան Գատըգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած խորհրդանշական անուն մըն էր եւ իր կորուստը այս առումով խոր ցաւ պատճառած է բոլորին։ Հայկ Ադամեան անհատական, ընտանեկան կեանքը համայնքային ապրումներու հետ նոյնացուցած եզակի դէմք մըն էր։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ընտանիքը երէկ երեկոյեան համախմբուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Թաղի եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած տօնական սեղանին նախագահեց Դպրաց Դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, դպրապետ Սեդրակ Տավութհան եւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ամանորեան աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։ Կաղանդուան շրջանի բնորոշ իրեղէններ եւ բազմաթիւ ձեռակերտ աշխատանքներ ներկայացուեցան քէրմէսի տաղաւարներուն վրայ։ Վարժարանի հանդիսասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Ամանորի սեմին Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ աւանդական քէրմէսի ոգեւորութիւնը ապրեցաւ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբին կողմէ։ Առաւօտուն յարդարուած տաղաւարներուն մօտ աղօթք մը արտասանեց թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։