RETROSPEKTİF ÇAĞRIŞIMLAR
AYLİN KOÇUNYAN
Ermeni Milleti Nizamnamesi, Cumhuriyet dönemine toplumsal izdüşümler, azınlık vakıfları için öngörülen yeni yasal düzenlemeler bağlamında vakıf senedi beklentileri…(1)
Ծ. ԽՄԲ.- Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչական, անոնց հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակի եւ այս առանցքին շուրջ կուտակուած հարցերու լուծման համար օրակարգի վրայ եկած օրէնսդրական հաւանական կարգադրութիւններուն, մեր հաստատութիւններուն համար նախատեսուած հիմնարար փաստաթուղթի մը տիրանալու հնարաւորութեան շարժառիթով՝ անցեալ Մայիսին հրատարակած էինք թրքերէն երկօրեայ յօդուած մը, որ ստեղծած էր լայն արձագանգ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ պաշտօնապէս սկիզբ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ծանօթ է, որ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը գերմարդկային ջանքեր ի գործ կը դնէ Մէրամէթճեան վարժարանի երթը կայուն պահելու համար։
Թերթին խմբագրութիւնն ու վարչութիւնը համախոհաբար որոշած են նախաձեռնել՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած հերթական գիրքը մեր ընթերցողներուն տրամադրելու գործին։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յանձնուեցան Փալաքաշեան կտակին շրջագծով նախատեսուած կրթաթոշակները։ Այս տարի 87 աշակերտ ստացած է կրթաթոշակ։ Այդ 87 աշակերտին 27-ը համալսարանական է։ Մնացեալ 60-ը կը յաճախէ նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ՝ զանազան դասարաններ։
Գումգաբուի մէջ ներկայիս գործել սկսած է սրճարան մը, որ կը կոչուի «Ուռենի»։ Իրականութեան մէջ սրճարանէ մը շատ աւելին է «Ուռենի»ն, որ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած խումբ մը ձեռներէցներու եւ արհեստաւորներու նախաձեռնութիւնն է
VADİP երէկ երեկոյեան շօշափեց մեր համայնքի շարք մը կենսական ու հրատապ խնդիրները, որոնք սեղանի վրայ դրուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Նկատի ունենալով, որ Թոփգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուելիք տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին՝ թաղականները Գումգաբու փութացած էին խորհրդակցելու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբերի 9-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Մշակոյթի շաբթուան բացման առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներու վերանորոգեալ կոթողային դամբարանի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ այդ շիրիմը վերակառուցուեցաւ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ, ինչպէս նաեւ «Հայճար»ի եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներդաշնակ համագործակցութեամբ։