ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Նարեկացի» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսթանպուլահայ համայնքային զանազան հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրոցներու ծնողաց միութեանց անդամուհիներուն հաւաքը։ Սա 2016-2017 շրջանի առաջին հանդիպումն էր նման ձեւաչափով։
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «Յատուկ թեքստ մը պիտի պատրաստենք յառաջիկայ շրջանին։ Հոգեւորականաց համագումարի զեկոյցն ալ պիտի կցենք այդ մէկուն եւ պետութեան մօտ դիմում պիտի կատարենք։
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից վարչական շէնքի «Ակումբ»էն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը։ Հոգաբարձութեան հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշի ջանքերով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու շրջագծով կոկիկ թիւով հետաքրքիրներու համար ներկայացուեցաւ «Արարատ եւ Անի» խորագրեալ ժապաւէնը, որ այս տարի միջազգային փառատօնի մը դափնեկիրներու շարքին մաս կազմած էր։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանի աշակերտները հսկողութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհի Նետա Պարսամեանի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարօղլուի, այցելեցին Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ տեղադրուած Կոմիտաս Վարդապետին յուշարձանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ շաբաթ համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պէյրութի մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է «Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ։
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը, առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով, թէ՛ կըրտ-սեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
Գարակէօզեան սանուց միութեան հերթական ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին գումարուեցաւ եւ արդիւնքին ընտրուեցաւ նոր՝ 44-րդ շրջանի վարչութիւնը։ Միութեան առժամեայ հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին վաւերացուեցան Նուպար Եըլտըզի կողմէ գլխաւորուած անցեալ շրջանի վարչութեան գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագրերը։
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփաննոս Եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։