Թրքահայ կեանք

«ՈՄԱՆՔ» ԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ «ՔՈՒՄՊԱՐԱ» ՍՐՃԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Ո­մանք» խում­բը, ո­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­րաժշ­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դէս ե­կաւ իր հեր­թա­կան հա­մեր­գով։ 

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ «Լիոնս» ա­կում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ապ­րիլ խա­ղա­ղու­թեամբ» խո­րագ­րեալ նկար­չու­թեան մրցոյ­թի մը։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թաւ­րա եւ իր ըն­կեր­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ 

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու խորհր­դա­կան նշա­նա­կած է Յով­հան­նէս Կա­րա­պե­տեա­նը, որ ան­ցեալ շրջա­նին եւս պաշ­տօն զբա­ղե­ցու­ցած էր նոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ «ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շա­բա­թա­վեր­ջին «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի խորհր­դա­ժո­ղով մը, որ խո­րագ­րուած է «Ոչն­չա­ցուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն. ոչ-իս­լամ­նե­րու ստա­ցուած­քը՝ ուշ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ վաղ Հան­րա­պե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին»։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միրն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Թա­ղա­կան­նե­րուն հետ էր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։

ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ՌՈՒՏԻ ՊՕՅԱՃԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն ա­տամ­նա­բոյժ Ռու­տի Պօ­յա­ճեան կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րած է իր մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ։ Այս­պէս, հա­մա­պա­տաս­խան քննու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ան նուա­ճած է Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձին եւ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի հա­մախմ­բեն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ, այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քէն ե­րեք պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Գա­րա­սու եւ խնա­մա­կա­լու­թեան սիւ­նե­րէն Տա­նիէլ Ան­թի­քա­ճեան։

Էջեր