ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Համայնքային շրջանակները յարատեւութեան մաղթանքով ու զօրակցութեան տրամադրութեամբ ողջունեցին Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Էթիլէրի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը փայլուն անցաւ:
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գոհուանակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն կարգ մը դպիրներ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Լեհաստան։ Երաժշտագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի սաները մասնակցութիւն պիտի բերեն հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի մը։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնագիտական բանախօսութիւն մը, որու նիւթն էր մինչեւ վեց տարեկան մանուկներու հարցերու պարագային ծնողներուն վիճակած պատասխանատուութիւնը։ «Մտային հոգեբանական խորհրդակցութեան կեդրոն»էն երկու հոգեբաններ՝ Էննա Էօքքէ եւ Սերհան Էքին այս առթիւ հանդէս եկան բացատրութիւններով։