ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Օրուան նիւթն էր Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ անցեալ տարի Վատիկանի կողմէ հռչակուեցաւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Մեր համայնքի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութեան համալիրէն ներս անոնք ունեցան վառ տպաւորութիւններ։
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ անգլերէնով ստեղծագործելու ուղղեալ միջվարժարանային փառատօն մը։ Հետաքրքրական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ երեք հանգրուանով։