ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին յաջորդած առաջին Կիրակիին՝ Նոր Կիրակի օրը, երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։

Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս տարի եւս Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ ստեղծուեցաւ անմիջական միջավայր մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին շնորհաւորելու տաղաւարը։
Շիշլի մարզակումբը Ս. Զատկի առթիւ խրախճանք մը կազմակերպեց իր մարզական դասընթացքներուն մասնակից աշակերտներուն համար։
Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի համայնքային ընդունելութիւնը առանձնացաւ ծանրաբեռնուած օրակարգով: