Թրքահայ կեանք

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆԱՑՈՒՄ…

​Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները երկար ջանքերէ մը վերջ որոշեցին ծրագրաւորեալ ձեւով միացնել երկու կրթօճախներու ճակատագիրը:
Սկիւտարի մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կրթական նոր եւ ընդարձակ համալիրի մը կառուցումը՝ երաշխաւորելու համար երկու վարժարաններուն ապագայ առողջ գոյատեւումը:

ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՇԱՐԺՈՒՄ

​Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ առաւօտ կազմակերպուեցաւ պատմական նշանակութեամբ ստորագրման արարողութիւն մը:
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը թուղթի վրայ պաշտօնապէս պիտի մնան երկու անջատ կառոյց, բայց գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով։ Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ստեղծուած համագործակցութեան մթնոլորտը եւ անով պայմանաւորուած փայլուն հեռանկարները:
Տոց. Թորոս Ալճանի բացատրութիւններով, այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հետամուտ է կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն այլեւս քայլ յարմարցնելու եւ թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով գործելու մշակոյթի վերահաստատման:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը վեր­ջին օ­րե­րուն ո­գե­կո­չեց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր Զե­նոբ Է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նը։ Ան­ցեալ Կի­րա­կի, Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով ո­գե­կո­չուե­ցաւ լու­սա­հո­գի բա­րե­րա­րը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Ա­նու­շեա­նի։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՁԵՌՆԱՄՈՒԽ Կ՚ԸԼԼԱՅ «ՆՈՐԱԾԱԳՈՒՄ»Ի

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած է կեան­քի կո­չե­լու հա­մար «Նո­րա­ծա­գում» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի կազ­մա­կեր­պել սի­րոյ սե­ղան մը եւ ստեղ­ծել զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ։ 1946 թուա­կա­նին հիմ­նուած այս մար­զա­կում­բը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի թե­ւա­կո­խէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ կը ձգտի ամ­րապն­դել իր գոր­ծած են­թա­գե­տի­նը։

ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՆՈՒԱՐԴ ԵԸԼՏԸԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Նկար­չու­հի Նուարդ Եըլ­տըզ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցաւ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը՝ Լե­ւեն­տի թե­նի­սի ա­կում­բին մէջ։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րը կը ծա­նօ­թա­նան Նուարդ Եըլ­տը­զի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս ներշն­չուած են բնու­թե­նէն, նաեւ կը ցո­լաց­նեն Իս­թան­պու­լի տե­սա­րան­ներ։

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Մար­գար Է­սաեան ար­դէն ձեռ­նար­կած է իր նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւին։ Իս­թան­պու­լի Բ. ընտ­րաշր­ջա­նէն 12-րդ կար­գի վրայ թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած Մար­գար Է­սաեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Մէ­ճի­տիէ­գիւ­ղի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ մաս­նակ­ցե­ցաւ քա­րոզ­չա­կան բնոյ­թով նա­խընտ­րա­կան հա­ւա­քոյ­թի մը։

ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ ԵՒ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ս. Զատկի տօնին յաջորդած օրերուն Գատըգիւղի ընտանիքը ընթրիքի սեղանով մը մեծարեց նորապսակ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը:
Թաղի նորաօծ քարոզիչը հոգեւոր անդաստանէն ներս մուտք գործած է՝ բոլորի զօրակցութեան ու գնահատանքին առարկայ դառնալով:

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԸՆԿԵՐԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը կը կազ­մա­կեր­պեն բազ­մա­կող­մա­նի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րուի ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։ Ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ մին­չեւ միջ­նա­կարգ, զա­նա­զան տա­րի­քա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն, մա­նա­ւանդ որ ա­նոնք կեան­քի կը կո­չուին ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ նախ կա­տա­րուե­ցաւ տնօրհ­նէ­քի կարգ, Ս. Փրկիչ մատ­րան հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Ներ­կայ էր նաեւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։

Էջեր