ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ պատմական եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեան, որ վերջին օրերուն կը գտնուէր Իսթանպուլի մէջ, նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Իսթանպուլ այցելած էր նուագելու համար «Որպէս նուռ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման ձեռնարկին ընթացքին։