ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Եւ ի վերջոյ հասած է սպասուած օրը։ Այսօր երեկոյեան, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Պարի պետական համոյթին ելոյթը՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին հետ։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութենէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նազարէթ Պալ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի ներկայացուցին Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նոր հրատարակութիւններէն մին։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները երէկ պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Ենիգիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ անոնք անցուցին հաճելի օր մը: