ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Արէտ Կըճըրի անհատական երրորդ ցուցահանդէսը՝ «Օրէ օր», 7 Մայիս-4 Յունիս 2016 թուականներու միջեւ կը կայանայ Ղալաթիոյ յունաց վարժարանին մէջ։ Բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ օր՝ ի ներկայութեան այցելուներու ընտիր բազմութեան մը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը կայացաւ երէկ, նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանի։ Օրուան պատարագիչն էր Հ․ Աբրահամ Ծ․ Վրդ․ Ֆըրատեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ նշուեցաւ Մայրերու օրը։ Մանկապարտէզի փոքրիկները պատրաստած էին այս տարուան հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի ուսուցչական կազմը, Ծնողաց միութեան անդամուհիները, ծնողներ եւ հիւրեր։