Լրահոս

ՈՒԻԹՔՈՖ ԵՒ ՔՈՒՇՆԷՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՔԻԵՒ

Ուաշինկթընի կողմէ երկու բանագնաց այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Մոսկուա եւ Քիեւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացը՝ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ փեսան՝ Ճերըտ Քուշնէր հերթական անգամ կ՚այցելեն հակամարտ կողմերու մայրաքաղաքները։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՏԻՄՈՒՀԱՄԵՏՈՎ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ

​Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Թիւրքմենիստան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը եւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։

ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Առաջարկ՝ Վանի մէջ հաստատելու երկկողմանի տնտեսական կապերու համակարգման գրասենեակ մը:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներուն հաւաքը յոյս կը ներշնչէ ապագայի համար:

ՄԻՇՏ ՍԵՐՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Միջազգային յարափոփոխ ու անկայուն իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Փարիզ-Լոնտոն առանցքին վրայ կը նկատուի մեծ աշխուժութիւն։ Ֆրանսա եւ Անգլիա ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի ցամաքամասի երկու մշտական անդամներն են։

ՆԵՐՈՒԺԻՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հերթական քննարկումներ:
Փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու հնարաւորութիւններն ու առկայ խոչընդոտները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ:

«ՎԱՂԸ ԿԱՐՈՂ Է ՈՒՇ ԼԻՆԵԼ…»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ի տես մեր ներքին եւ արտաքին հարցերուն, կը հաւատամ, որ ինծի նման շատերն ալ, հայ միտքը սառեցնող միավանկ կամ բազմավանկ բառերով, առ որ անկ է շատ հարցումներ ունին հարցնելիք ու անհամբեր անոնց պատասխաններուն կը սպասեն:

Էջեր