ԹԵՀՐԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովը, որ այցելեց Թեհրան։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովը, որ այցելեց Թեհրան։
Հայաստանէ ներս իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ՝ գայթակղութեան համազօր նոր իրադարձութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յովհաննավանքի մէջ մասնակցեցաւ՝ կարգալոյծ քահանայի մը կողմէ մատուցուած ապօրինի Ս. Պատարագի։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը:
Յայտնի ու երախտաշատ երեք մտաւորականի կոչում շնորհուեցաւ մայրաքաղաքի աւագանիի որոշմամբ:
Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան պարգեւատրեց Մարք Գրիգորեանը, Աւիք Իսահակեանն ու Տարօն Մուրատեանը:
Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է՝ եզակի ծրագրով մը։ «Կերպի ձեւը. երկխօսութիւն արուեստի եւ նորաձեւութեան միջեւ» իւրայատուկ ցուցահանդէսով սկսաւ Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի եւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ։
Չարլզ Գ. թագաւորն ու Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը միասնաբար աղօթեցին Վատիկանի Սիքսթինեան մատրան մէջ:
Հռոմէական Կաթոլիկ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ պատմականօրէն յատկանշական, եզակի հանգրուան մը:

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութենէն ներկայացուցիչներ։
«Խաղաղութեան օրակարգը կը ձգտի կանխել դժուարութիւններն ու կորուստները»:
Միրզոյեան Փարիզի մէջ ընդգծեց տարածաշրջանային հաշտեցման ի նպաստ կանանց խրախուսանքը:
Հայաշխարհէ ներս երէկ մեծ ցաւ ստեղծեց Այտա Ազնաւուր-Կառվարենցի մահուան լուրը։ Ան 102 տարեկան էր։ Իր ետին թողուց գեղեցիկ ապրուած կեանք մը՝ լի սիրով, ուժով եւ ընտանիքի նկատմամբ նուիրուածութեամբ։