2029-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ ՈՒ ՄԵԾ ԵՌԱՆԴ
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ Վրաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլի հանդիպում մը ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ Վրաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլի հանդիպում մը ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի հետ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Սուտը կը թռչի, իսկ ճշմարտութիւնը կաղալով կու գայ անոր ետեւէն»: Սա տակաւին տասնութերորդ դարուն ըսած է Ճանաթըն Սուիֆթ: Այդ ասոյթին մէջ ամփոփուած է տեղեկատուութեան տարածման համընդհանուր օրէնքը. եթէ կը հնչէ որեւէ սուտ՝ մանաւանդ ամբոխահաճոյ սուտ, ապա յաջորդ օրը, որքան ալ հերքես, այդ հերքումները շատ քիչերուն պէտք պիտի ըլլան:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ուղղեալ բանակցութիւններու 13-րդ փուլը ունեցաւ յաջող արդիւնք:
Փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆայեւ կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերու շուրջ: Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ըմբռնում գոյացած է յառաջիկայ ընթացակարգին մասին, որու վերաբերեալ փաստաթուղթերու բովանդակութիւնները պատրաստ են ու կառավարութիւններուն պիտի ներկայացուին՝ հաստատման համար:
Երէկ, դէպի Վիեննա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքըրի կողմէ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը:
Երէկ, Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ բացառիկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, մայրաքաղաքի սրտին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ շուրջպար մը։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ, երէկ, երկու երկիրներու միջեւ տեղի ունեցան բանակցութիւններ՝ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերականգնման ու գործարկման նպատակով։
Եւրոպայի երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու կարեւոր հաւաքը:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ փոխադրութեան ուղիներու ցանցերու ներգրաւման ուղղեալ քայլերուն, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու զարգացման գործընթացներուն՝ ներառեալ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հաստատութենականացման առանցքով: Բարձրաստիճան դիւանագէտները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու շուրջ:
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար ու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան շփումներ ունեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ։ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջին տարիներուն համագործակցութիւնը կը զարգանայ պաշտպանական բնագաւառէն ներս։
Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը, որ պետական այցելութիւն մը կու տայ Ուաշինկթըն, երէկ, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ։