ԴԷՊԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Անկախութեան տօնին առթիւ վարչապետ Փաշինեանի ուղերձին մէջ յատկանշական էր 4-րդ հանրապետութեան հռչակման յիշատակումը, ինչ որ պիտի բանայ խաղաղութեան դարաշրջան։ 3-րդ Հանրապետութեան առաջին օրէն պատերազմ տիրած է երկրին մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպում՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ գագաթաժողովի շրջանակէն ներս:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի առցանց լսարանին, որ 80-րդ էր իր նմաններու շարքին։
Թարգմանիչներու միջազգային օրուան առթիւ նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած՝ «Թարգմանիչներ՝ վստահելի ձայներ յարափոփոխ աշխարհի մէջ» խորագրեալ ասուլիսը առիթ դարձաւ այս ոլորտի կարեւորութեան, դերակատարութեան, զարգացման հեռանկարներու եւ այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու քննարկման։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Թուրք օդային ընկերութիւնը (THY) որոշած է թռիչքներ հաստատել Երեւանի եւ Իսթանպուլի միջեւ։ Ընկերութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ թռիչքները կանոնաւոր բնոյթ պիտի ունենան։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, կողմերու միջեւ շփումները կը խտանան բոլոր ուղղութիւններով։ Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Կէօքթաշ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին։ «Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներու ապագան կը պատկերացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», ըսաւ ան Սթրազպուրկի մէջ։
Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Եւրոպական Միութեան տեսակէտէ: