ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւանի եւ Իսլամապատի միջեւ հաստատուեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Իշաք Տար համապատասխան փաստաթուղթը երէկ ստորագրեցին Թիէնծինի մէջ, ուր Չինաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։
ՇՀԿ-ի գագաթաժողովը՝ Հարաւային Կովկասի մասին քննարկումներու հարթակ:
Յաջորդ տարուան ընտրութեան ընդառաջ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն ներս կարեւոր խմորումներ եւ հեռանկարներ:
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իշաք Տար ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու նախարարներն ալ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներով հանդէս եկան իրենց զրոյցին կապակցութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ վերջին օրերուն ուրախառիթ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեան, որ թերթիս ընթերցողներու մեծ համակրագանքը կը վայելէ, նշանուեցաւ Սիրան Արապանեանի հետ։
Անգարա կը շարունակէ դրական պատգամներով հանդէս գալ՝ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն շուրջ։
Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի ՇՀԿ գագաթաժողովին եւ շուրջ ամիս մը վերջ պիտի այցելէ Ռուսաստան:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան՝ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի հրաւէրին ընդառաջ։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի անունը կը դասուի Գերմանիոյ ապագայ հաւանական նախագահներու շարքին։ Երկրի այժմու նախագահին՝ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի լրանայ 19 մարտ 2027 թուականին։