«ԿՈՎԿԱՍԷՆ ԴԷՊԻ ՊԱԼՔԱՆՆԵՐ»
Համակրելի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին օտար երաժշտասէրներու ալ սիրտը կը գրաւէ իր տպաւորիչ ձայնով։ Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան «Ռէյ» համոյթը շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ Հարաւային Մակեդոնիայի Օհրիտ քաղաքի ամառնային երաժշտութեան փառատօնին, որ այս տարի 65-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։