ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔ
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմէն ներս տեղի ունեցան հերթի փոփոխութիւններ: Յարգի այց՝ Աթաթիւրքի յուշադամբանը:
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմէն ներս տեղի ունեցան հերթի փոփոխութիւններ: Յարգի այց՝ Աթաթիւրքի յուշադամբանը:
Այսօր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կ՚այցելէ Ամման։ Յորդանանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած է նախարարներու մակարդակով ժողով մը՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ խնդիրներու օրակարգով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր աշխարհակարգի խմորման գործընթացն ու Իրանի հիւլէական ծրագիրը ուղիղ համեմատութեան մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ ամբողջական համաձայնութեան հասած՝ որոշ տարակարծութիւններէ վերջ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ամրան դանդաղ առաւօտներս, եթէ կարելի է ըսել՝ օրերս, բարեբախտաբար կը շարունակուին: Համրուած օրեր են, գիտե՛մ, ուրեմն թանկ են եւ անփոխարինելի…
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Նախագահն ու թագաժառանգը անդրադարձան Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային օրակարգի խնդիրներուն։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտ Միլիպենտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին նախարարները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակը եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանէ ներս պահուած գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ աշխատանքը կ՚իրականացուի ամէն օր եւ երբեք չի դադրիր։
Երէկ, Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Դամասկոս։
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է՝ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի վերաբերեալ գիրք մը։ Սա սովորական գործ մը չէ՝ քանի գիրքին հեղինակն է՝ արդէն հանգուցեալ Յովհաննէս Այվազեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ ձեռնարկեց աշխատանքի՝ նահատակներու համար յարգանքի լռութեամբ, երեսփոխաններու երդումով եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի բացման խօսքով, որու ընթացքին խորհուրդ տրուեցաւ քաղաքական տարաձայնութիւնները վերածել աւելի լաւ որոշումներու:
Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ վարչապետ: Խորհրդարանի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդդիմութեան առաջարկեց յարաբերութիւններու սկսիլ զերոյական կէտէ: Խմբակցութիւններու ղեկավարներն ալ արդէն ճշդուեցան առաջին քայլափոխին:
«Ընտրութիւններուն իշխանութեան ստացած լիազօրութիւնը բաւարար է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը անշրջելի դարձնելու համար։ Այս պահուն Երեւան-Պաքու գործընթացը աւելի առաջ է՝ Անգարա-Երեւան գործընթացին բաղդատմամբ։ Հայկական կողմը Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման պայմանաւորուածութեան իրականացումը կ՚ակնկալէ»: