ԷՐՏՈՂԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր շփումներու կը ձեռնարկէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կու տայ աշխատանքային այցելութիւն մը։ 31 Մարտ-1 Ապրիլ թուականներուն ան Ուաշինկթընի մէջ կը մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան Դ. գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովները 2010 թուականէն ի վեր տեղի կ՚ունենան Ուաշինկթընի մէջ եւ Թուրքիա սկիզբէն ի վեր գործօն մասնակցութիւն կը բերէ անոնց։