ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
«Նուրսանլար հոլտինկ»ը տարեկան ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նշեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ է արդիւնաբերութեան գետնի վրայ։
«Նուրսանլար հոլտինկ»ը տարեկան ընդհանուր ժողովին զուգահեռ նշեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ է արդիւնաբերութեան գետնի վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Մասաչուսեցի նահանգէն ներս երէկ շարունակեց գործադրել իր ծրագիրը, որ յագեցած էր կարեւոր հանգրուաններով։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վճռական վերաբերմունք ցոյց կու տայ այն գայթակղութեան պնդումներուն շուրջ, որոնք վերջերս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին լրատուամիջոցներուն մօտ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ ու լուրջ կոչով մը։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Թուրքիոյ ամերիկեան ռազմախարիսխներու անձնակազմին ընտանիքները հեռանան երկրէն։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան այս օրերուն Ռումանիա կ՚այցելէ՝ Ազգային մեծ ժողովի Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակեցման յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Օգտուելով դէպի Պուքրէշ այցելութեան հնարաւորութենէն՝ Սելինա Տողան շփումներ ունեցած է նաեւ ռումանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Եգիպտական օդային ընկերութեան երէկ առեւանգուած օդանաւին վերաբերեալ դէպքը աւարտին հասաւ՝ բարեբախտաբար առանց զոհի։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Զուիցերիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Ժընեւի մէջ կը մասնակցի՝ Սուրիայէն խոյս տալով այլ երկիրներու մէջ ապաստան գտած փախստականներուն աջակցութիւն ցոյց տալու համար կազմակերպուած բարձր մակարդակի հանդիպման։
Եգիպտական օդային ընկերութեան օդանաւներէն մին այս առաւօտեան ժամերուն առեւանգուեցաւ՝ Աղեքսանդրիա-Գահիրէ թռիչքը իրականացնելու ժամանակ։ Թռիչք առնելէ կարճ ժամանակ անց առեւանգուեցաւ օդանաւը, որ պարտադրաբար վայրէջք կատարեց Լարնաքայի օդակայանը, Հարաւային Կիպրոս։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ժամանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նախագահ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ 31 Մարտ-1 Ապրիլ թուականներուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին, որ կը կազմակերպուի չորրորդ անգամ։ Գագաթաժողովի տանտէրն է ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա։ Այս գագաթաժողովին հրաւիրուած է նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հաստատութենէն ներս բացուած է նոր գրադարան մը։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի գրադարանը ուղղուած է հայկական հարցի եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վրայ մասնագէտները եւ հետազօտողները խրախուսելու համար։