ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ տմարդի յարձակում մը իրականացուց Տիարպաքըրի Պաղլար գաւառակին մէջ։ Ժամը շուրջ 17.00-ին, ճանապարհին վրայ զետեղուած ռումբի մը հետեւանքով յարձակման ենթարկուեցաւ զրահապատ մինիպիւս մը, որ կը փոխադրէր ոստիկաններ։