Լրահոս
ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ամուր բարեկամական կապերը կարեւոր են ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասի կայունութեան տեսակէտէ:
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով:
ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՒՆ
ԷՐՏՈՂԱՆ, ՕԼԱՆՏ, ՄԵՐՔԷԼ ԵՒ ՌԵՆՑԻ ԵՐԷԿ ՔԱՌԱԿՈՂՄ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր շփումները Չինաստանի մէջ, ուր վերջին օրերուն մասնակցեցաւ «G-20»ի գագաթաժողովին։ Ան արդէն վերադարձաւ Թուրքիա։ Իր ուղեւորութեան վերջին օրը Էրտողան Չինաստանի մէջ կարեւոր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի հետ։
ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ԲԵՐԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳ ԳՕՏԻ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած «G-20»ի գագաթաժողովին ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ առաջարկը՝ Սուրիայէ ներս 95 քիլօմեթր երկարութեամբ ու 40 քիլօմեթր խորութեամբ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու ուղղութեամբ, թռիչքներու փակ ձեւով։
ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն տեղեկացուց, որ համաձայնած է միջազգային իրաւաբաններու հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեանի Ռիոյի Ողիմպիականներուն ընթացքին ենթարկուած անարդարութեան դէմ պայքարելու համար կոմիտէն պիտի համագործակցի միաջազգային իրաւաբաններու հետ։
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ
2018 թուականին կայանալիք ֆութպոլի համաշխարհային առաջնութեան ընդառաջ որակաւորման փուլի խաղերը արդէն ընթացքի մէջ են։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը որակաւորման փուլի պայքարին դըժ-բախտաբար սկսաւ պարտութեամբ։
ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏԳԱՄ
«Եփրատի վահան» գործողութեան զուգահեռ՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը մաքրագործուեցաւ ԻՇԻՊ-էն:
Էրտողան. «Անգարա պիտի չարտօնէ, որ իր հարաւին ստեղծուի ահաբեկչական նրբանցք մը»:
ԿԻՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Հիւր վարչապետը կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ:
ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու նախարարներուն հաւաքը:
Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Հայաստանի բարեփոխումներու գործընթացին շուրջ:

