ՁԱԽՈՂ ՄԱՀԱՓՈՐՁ ՄԸ
Կապան-Գորիս ճանապարհի 30-րդ քիլօմեթրի հատուածին վրայ ուշագրաւ դէպք:
Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի ինքնաշարժին վրայ երէկ երեկոյեան կրակ բացուեցաւ:
Կապան-Գորիս ճանապարհի 30-րդ քիլօմեթրի հատուածին վրայ ուշագրաւ դէպք:
Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի ինքնաշարժին վրայ երէկ երեկոյեան կրակ բացուեցաւ:
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր շփումները ունին անպաշտօն բնոյթ։ Երեւանի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Խրիմի թուրքերու տեղահանման 71-րդ տարելիցին առթիւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմօղլուի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Ուքրայնոյ խորհրդարանի երեսփոխաններէն է։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, թէ սուգի այս օրուան առթիւ Թուրքիա զօրակցութեան մէջ է իր թաթար ցեղակիցներուն հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Քրիստիան Ալպերթուս Պասսոնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Ափրիկէի երկիրներու հետ, ներառեալ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, զարգացնել բարեկամական ու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները։
Սուրիահայոց մարտահրաւէրները Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:
Մհեր Շահկելտեան խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնեց Հալէպի ողբերգական վիճակը:
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ «Տայքանեամա Հիլսայթ Թերաս» սրահին մէջ։ Թոքիոյի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկներու շարքը, որու բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դեսպան Հրանդ Պօղոսեան։
Ամերիկացի պատմաբանը Իսթանպուլ այցելեց իր թրքերէնի թարգմանուած գիրքերու շնորհանդէսին առթիւ:
Փրոֆ. Ճասթին ՄաքՔարթի հրահրիչ պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ հայկական հարցին առընչութեամբ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։