ՆՈՐ ՎԻՃԱԿԻ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին:
Ըստ Փոլ Կոպըլի, Կովկասի մէջ Ռուսաստանի համար Վրաստանը ճանապարհ է, Հայաստանը՝ գործիք, իսկ Ատրպէյճանը՝ շահում:
Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին:
Ըստ Փոլ Կոպըլի, Կովկասի մէջ Ռուսաստանի համար Վրաստանը ճանապարհ է, Հայաստանը՝ գործիք, իսկ Ատրպէյճանը՝ շահում:
Մայիսեան եռատօներու ներկայ շրջանին, Շուշիի ազատագրման տարեդարձին շարժառիթով, «Հարսանիք լեռներուն մէջ» խորագրեալ զինուորական ծրագիրը անցեալ շաբաթավերջին մասնաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ Երեւանի «Մայր Հայաստան» թանգարանին, որ կը գործէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինութեան աշխատանքները կը շարունակուին թափով։ Այս ամբողջին մէջ առաւել կարեւորութիւն կը վերագրուի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինութեան։ Վերջին տարիներուն կառավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ սոյն նախագիծը կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար, Պաշտպանութեան նախարարութեան նիւթաթեքնիկ ապահովման բաժանմունքի պետ Ալիք Միրզաբէկեան յայտարարեց, թէ հայկական զինեալ ուժերուն մօտ ներկայիս կ՚օգտագործուին անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կը լուծեն շարք մը խնդիրներ։ Յառաջիկային կը նախատեսուի ռազմաօդային պաշտպանութեան ինքնագործ համակարգի մը ստեղծումը։
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակի երախաներու վաճառքի, երախաներու մարմնավաճառութեան եւ մանկական պոռնկագրութեան հարցերով յատուկ զեկուցող Մոտտ Տը Պույէ-Պուքիքօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեանի կողմէ։
Գալիֆորնիոյ Մեսրոպեան ազգային վարժարանէն աշակերտներու խումբ մը այսօրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Յովհաննէսեան կը գլխաւորեն աշակերտական խումբը, որ Երեւանի մէջ այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ոստիկանութեան օրուան 97-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր նիստին։ Հարկ է նշել, որ այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր աւելի առաջ, սակայն այս տարի բացառութեամբ յետաձգուեցաւ՝ 2015-ի ոգեկոչումներու մթնոլորտին մէջ։