ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԹՈՒՐՔ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻ ՄԸ ԴԷՄ
Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները հերթական անգամ միջազային հետախուզութիւն յայտարարեցին թուրք գործարարի մը դէմ։ APA գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ 47-ամեայ Եըլտըրըմ Չաղլը կը մեղադրուի տուրքերը վճարելէ խուսափելով։


ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւա։
Երէկ, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւս մասնակցեցաւ նստաշրջանի Աֆղանիստանի վերաբերեալ ժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Տավուտօղլու միեւնոյն ժամանակ առանձնազրոյներ ունեցաւ սոյն հաւաքին առթիւ Անթալիա այցելած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթէնպէրկի հետ։