Լրահոս
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր։ Ուաշինկթընի մէջ այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տէն Մուլան։
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Սելինա Տողանը, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալու եւ ստանալու իր օրհնութիւնը։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
«Շեհիր» համալսարանի գրականութեան բաժանմունքը որպէս մագիստրոսական դասընթացք այս տարեշրջանին կ՚աւանդէ «Գրականութիւն եւ աղէտ» խորագրեալ դասընթացքը, որուն առանցքը կը կազմէ Մեծ Եղեռնին ընկալումն ու փոխանցումը գրականութեան միջոցով։ Դասընթացքը կը վարէ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որու հրաւէրով երէկ դասախօսեց բանասէր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբգիր Սեւան Տէյիրմենճեան՝ նիւթ ունենալով Յակոբ Օշականին գրականութիւնը։
TANAP-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ
Անգարայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆաիք Պաղըրով յայտարարեց, թէ TANAP-ի շրջագծով 2018 թուականին Ատրպէյճանի «Շահտենիզ 2» հանքի առաջին կազը Թուրքիոյ վրայով պիտի հոսի դէպի Եւրոպա։ «Միլլիյէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ դեսպանը շեշտած է, որ TANAP կը հանդիսանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական համագործակցութեան արդիւնքը։
«ՓԻՒՆԻԿ» ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՆՈՒԱՃԵՑ ԲԱԺԱԿԸ
ԽՈՐ ԹԱԽԻԾ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՇՈՂ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ այցելեցին Հոլոքոստի թանգարան եւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարան:
Սերժ Սարգսեան. «Մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներուն ձօնուած թանգարանները ո՛չ միայն զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցելու համար են, ո՛չ միայն վերապրածներու յիշողութիւններու խտացեալ ամփոփումներն են, այլ նաեւ յստակ պատգամ են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները՝ դասեր քաղելու համար անոնցմէ եւ անոնց սերունդէ սերունդ փոխանցման համար»:
ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ԿՈՂՄԷ ԲԱՆԱՁԵՒ
Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով իւրացուց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագիծը խորհրդարան ներկայացուած էր երկրի ընդդիմադիր Քրիստոնեայ սոցիալ-ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Լորէն Մոզարի կողմէ։vv
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԷՔԿԷՕԶԵԱՆԻ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՆՐԳՄԱՆՈՒԱԾ «ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔ» ՎԷՊԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ
Ահմէտ Համտի Թանփընարի անունը կրող Իսթանպուլի գրական փառատօնը այս տարի կը կայանայ 4-8 Մայիս թուականներուն միջեւ՝ «Քաղաք եւ սահմաններ» կարգախօսով։ Ի շարս բազմաթիւ գրողներու, այս տարի փառատօնին կը մասնակցի նաեւ Երեւանէն Յովհաննէս Թէքկէօզեան, որու «Փախչող քաղաք» վէպը թրքերէնով ալ տպագրուած էր «Այրընթը» հրատարակչատունէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի թարգմանութեամբ։
ՆԱԽԱՐԱՐ ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱՃԱՇ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ
Եւրոպական միութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է երեսփոխանութեան թեկնածու, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երէկ առաւօտ Սկիւտարի շրջանի փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Սկիւտարի քաղաքապետութեան զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաճաշը, որուն ներկայ գտնուեցան ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավար Հալիտ Հըզըր եւ նոյն մասնաճիւղի փոքրամասնութեանց գծով պատասխանատու Նուրճան Ալթըն։


