ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՈՒ ՄՐՑԱԿՑԱՅԻՆ
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապացուցանեց իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը»:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապացուցանեց իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը»:
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրը կեդրոնացած է միակ օրուան մը վրայ, սակայն կարեւորը անոր լուծուիլն է։ Երէկ, Դիւանագիտական թղթակիցներու միութեան անդամ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ամերիկացի դեսպանը կարծիքներ արտայայտած է Թուրքիոյ օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Գանատա, ուր մասնակցեցաւ 2015-ի շրջագծով նախատեսուած շարք մը ոգեկոչման արարողութիւններու, նաեւ շփումներ ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի շրջանակներուն հետ։ 2015-ի ոգեկոչումներու տեղական յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Մոնրէալի քաղաքապետ Տենի Կոտէրի կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը վեցերորդ անգամ փութաց քուէատուփի մօտ՝ ընտրելու համար երկրի խորհրդարանին կազմը։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ կը քննարկուի առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիր մը, որ մշակուած է երկու երկիրներու միջեւ ներդրումային եւ գործարար նախաձեռնութիւններու աշխուժացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրանի մէջ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր (1979) Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորագոյն թիրախ եւ «թշնամի» դարձաւ շիի աշխարհի առաջատարը համարուող՝ Իրան: Եւ հակառակ ծանր ճանապարհի մը (Իրան-Իրաք պատերազմ եւ ապա տնտեսական երկարատեւ պատժամիջոցներ) Իրան յաջողեցաւ շրջանային ազդեցիկ տէրութիւն դառնալ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ: Հրանոյշ Յակոբեան կ՚ակնկալէ միջազգային կառոյցներու աշխուժութիւնը՝ սուրիահայոց հարցերու լուծման համար: