ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՆՈՒԷՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառին համար կատարեց խորհրդանշական նուիրատուութիւն մը։ Հրանոյշ Յակոբեան թանգարանին յանձնեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետի բարձը, որ անտարակոյս անգնահատելի արժէք մը կը ներկայացնէ նորահաստատ թանգարանին տեսակէտէ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է բերել իր աջակցութիւնը, որպէսզի երկրէն ներս ստեղծուի խաչքարագործութեան դպրոց մը։ Այս ծրագրին կապակցութեամբ նախարարութիւնը կը համագործակցի խաչքարագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հետ, որ նախաձեռնած է նման դպրոցի մը ստեղծման։
Գահիրէի «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը, Ապրիլի 25-ին, յաղթանակ տարած է Եգիպտոսի դպրոցական տաղանդներու ամենամեծ մրցոյթին՝ Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին՝ գրաւելով առաջին տեղը:
Երեւանի «Սարգիս Մուրադեան» պատկերասրահին մէջ, Մայիսի 5-ին, պիտի բացուի «Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» խորագրեալ ցուցահանդէսը։
Միջազգային ելմտական ընկերակցութիւնը գոհ է Հայաստանի ծրագրերու կատարման ընթացքէն: Ֆինքելսթոն պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու համար կողմերու համագործակցութեան ծիրը: